Monday, January 12, 2015

Ընտրական յանձնախումբին գործունէութիւնը



Նախկին Ընտրական Յանձնախումբի անդամներէն
Articles 81-99 of the Community's Constitution deal in detail with the election process. There are several vague articles that bear more than one meaning. Regardless of that, the Electoral Committee usually performs its duties in the best possible way and the members depart with a sense of achievement. 

As the percentage voters in the community does not exceed 6% (only those who have paid the Azkayin Dourk can vote), members of the Electoral Committee and the Candidates are both derived from the same little pool. It is not unusual that some of them are relatives or in-laws. This year we have a son and father case (the father is a candidate, while his son is a member of the Electoral Committee).

Կանոնագրութեան 81-99 յօդուածները մանրամասն բացատրութիւն կու տան թեմական ընտրութիւններու գործընթացին մասին:

Յիշուած յօդուածներուն պարունակութիւնը ընդհանուր գիծերու մէջ հասկնալի է, թէեւ կան կարգ մը աղօտ կամ մէկէ աւելի բացատրութեան տեղ տուող տողեր: Օրինակի համար, յօդուած 89-ը կ'ըսէ՝ «Ընտրող մը պէտք է իր քուէաթուղթին վրայ գրէ այնքան ընտրելիներու անուն, որ այդ օրը պիտի ընտրուին»։ Նշեալ տողը աւելի անհասկնալի կը դառնայ եթէ կարդանք նոյն յօդուածին վերջին մասը ուր կ'ըսուի՝ «Պակաս ընտրելիներ արձանագրողներուն իրաւունք չի տրուիր զանոնք ամբողջացնելու»: Այս տողերը շարադրողները արդէն հիմա չկան, հետեւաբար դժուար պիտի ըլլայ վերծանել թէ ինչ ըսել ուզած են:


Ամէն պարագայի ընտրական գործընթացը ընդհանրապէս հեզասահ կ'ըլլայ: Ընտրութեան աւարտին յանձնախումբի անդամները ազգօգուտ աշխատանք մը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ կը բաժնուին իրարմէ:

Ինչպէս այլ տեղ ընդգծած էինք, Էմիրութիւններու հայութեան միայն 6%ը քուէարկելու իրաւունք ունի, քանի որ միայն այդ տոկոսը ազգային տուրք վճարած է: Այս ցաւոտ հարցին պիտի անդրադառնանք այլ գրութեամբ:

Իրերու բերումով, թէ՛ ընտրական յանձնախումբի անդամները եւ թէ՛ երեսփոխանական թեկնածուները պարտադրաբար այդ 6%ի շրջանակէն կու գան: Այս տարուան ընտրական յանձնախումբի 7 անդամներէն 3-ը կը պատկանին թեկնածուներու ազգականական ու խնամիական նոյն սեղմ շրջանակին:

Ամենէն ցայտունը հայր ու որդիի պարագան է՝ հայրը թեկնածու, իսկ որդին ընտրական յանձնախումբի խորհրդատու: Էմիրութիւններու հայ գաղութի ընտրութիւնները, վերջ ի վերջոյ, ընտանեկան, խնամիական եւ բարեկամական հաւաք - միջոցառումի շարքին կարելի է դասել:

Ընտրական յանձնախումբի անդամներուն անունները եւ պաշտօնները՝

Գեւորգ Օհանեան` Ատենապետ
Անժել Սապա` Ատենադպիր
Պարոյր Գալմաճեան` Հաշուապահ/Գանձապահ
Մարալ Սողոմոնեան-Մանճիկեան` Խորհրդական
Սերոժ Նազարեան` Խորհրդական
Վիգէն Պզտիկեան` Խորհրդական
Շանթ Քօրուքեան` Խորհրդակա
ն 

No comments:

Post a Comment