Wednesday, January 14, 2015

Ազգային Տուրք՝ երկսայրի սուր

Ազգային Տուրքի գանձում
The so called National Taxation was first mentioned in the National Constitution of Ottoman Armenians (1860) in Constantinople. It aimed at creating a sense of belonging to the church through an annual contribution. Members of UAE Armenian society are asked to pay AED 100 per family. Although it is not a big sum, but - if accumulated - it can discourage a person from paying it. Without this sum a person is not allowed to vote. The members of the Temagan body know that this has been one of the reasons many individuals are staying away, but they are not worried, because having a small pool of voters will guarantee them to be re-elected to their positions. There are several practical measures that can be taken to solve this issue. In the Armenian text below we provide 5 recommendations in this regard.  

Ազգային Տուրքը երբ 1860ի Ազգային Սահմանադրութեան մէջ առաջին անգամ երեւցաւ, թերեւս նպատակ ունէր Օսմանեան կայսրութեան հայերուն մէջ արթնցնել համայնքի մը (կամ ազգի մը) պատկանելու զգացում: Վճարելու տարեկան տուրքը թրքահայերը այս ձեւով պիտի կարենային անդամ նկատուիլ եկեղեցւոյ: Ի հարկէ եկեղեցին նաեւ եկամուտի պէտք ունէր եւ այդ ձեւերէն մէկն է եկամուտ ստեղծելու:

Տուրք մը վճարելու համար երկու ձեւ կայ՝ համոզելով կամ պարտադրաբար:

Մեր ներկայ իրականութեան մէջ եկեղեցին իր տրամադրութեան տակ ուղղակի միջոցներ չունի պարտադրելու համար այս տուրքահաւաքը: Հետեւաբար կը դիմէ անուղղակի միջոցներու՝ օրինակի համար պսակի, ծնունդի կամ թաղման արարողութիւններէն առաջ կը գանձէ տարիներէ ի վեր կուտակուած տուրքերը:

Փաստ է որ մեր գաղութին մէջ ազգային տուրք չվճարողներուն տոկոսը կը կազմէ 95%: Ըստ տոմարներուն միայն 300-350 հոգի վճարած են ազգային տուրք: Մնացեալներուն մեծ մասը երկար տարիներէ ի վեր չեն վճարած: Նոր եկողները ընդհանրապէս լուր չունին ինչ ըսել է ազգային տուրք, նոյնիսկ չեն գիտեր ինչ ըսել է թեմական կառոյց, հոգաբարձութիւն, թաղականութիւն, եւայլն:

Առանց ազգային տուրքի վճարումին անհատը զրկուած կ'ըլլայ քուէարկելու իրաւունքէն, պարագայ մը որ զարգացած աշխարհի մէջ ընդունուած չէ եւ չի կրնար ընդունուած ըլլար, որովհետեւ մարդկային տարրական իրաւունքներուն դէմ է: Բայց քանի որ մենք կ'առաջնորդուինք 160 տարի կեանք ունեցող սահմանադութեամբ մը, ստիպուած կը գործադարենք անոր պարունակութիւնը:

Թեմի գլուխը գտնուող անձնաւորութիւնները մտահոգ չեն թուիր ըլլար այս վիճակով: Նախ պարզ հաշուարկով, որքան աւելի քիչ քուէ ըլլայ այդքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ անոնց վերընտրութիւնը:

Կարելի է հետեւեալ առաջարկները որդեգրել, եթէ անշուշտ ազգին օգտակար դառնալու եւ գաղութային իրավիճակը աշխուժացնելու միտում ըլլայ՝

- Կանոնագրութեան մէջ չի նշուիր թէ ազգային տուրքը որքան պէտք է ըլլայ: Անցեալին, ուղղակի պատահական կերպով որոշուած է, որ այդ ըլլայ տարեկան հարիւր տիրհամ: Թեմականները կրնան առանց ոչ մէկ հակականոնագրային կացութիւն ստեղծելու որդեգրել նոր որոշում, ըստ որուն ազգային տուրքը պիտի ըլլայ խորհրդանշական գումար մը՝ ըսենք տասը կամ քսան տիրհամ: Այդ քայլը առնելով դաշտը լայն բացած կ'ըլլանք ներգրաւելու համար նոր անհատներ, ի տարբերութիւն հիմակուայ վիճակին երբ համայնք - անհատ յարաբերութեան առանցքը կը կազմէ այսպիսի նիւթական հարց մը: Վստահաբար թեմականները գիտեն որ այդ լաւ լուծում է եւ իրենց իրաւասութիւններու սահմանին մէջ է, բայց ատոր գինը ծանր կրնայ արժել իրենց գրաւած աթոռներուն վրայ:

- Կարելի է ներում տալ երեսփոխանական մէկ շրջանէ աւելի (այսինքն չորս տարիէ աւելի) ազգային տուրք չվճարած անհատներուն: Այս անհատները արդէն պատժուած են անցեալին, քուէարկելու իրաւունքէն զրկուելով, իսկ հիմա դարձեալ պիտի պատժուին: Նախորդ տարիներուն տուրք վճարելու դժուարութիւն ունեցող անհատը, հիմա ինչպէ՞ս պիտի կարենայ վճարել կուտակուած բոլոր տուրքերը: Թեմականները գիտեն այս կէտը եւ շատ լաւ կը տեսնեն թէ ատոր պատճառով շատ մարդիկ հեռու կը մնան ազգային կեանքէն եւ հետըզհետէ հետաքրքրութիւն կը կորսնցնեն ազգային կառոյցներուն նկատմամբ:

- Կարելի է Էմիրութիւններուն մէջ չեղեալ համարել ազգային տուրքը որովհետեւ երկիրը ընդհանարպէս տուրքերէ զերծ միջավայր մըն է եւ չկայ ոչ մէկ օրինական մարմին որ տուրք կը գանձէ: Ուրեմն ազգային տուրքը տեղական պայմաններու դիտանկիւնէն լրիւ հակաօրինական է:

- Կարելի է այլ հնարամիտ ձեւերու մասին մտածել որպէսզի մարդիկ ներգրաւուին ազգային կեանքին մէջ եւ չկարծեն որ դրամական պատճառներով իրենք մաս կազմելու իրաւունք չունին: Օրինակի համար կարելի է քաջալերել մասնակի վճարումներով լրացնել անցեալի կուտակուած տուրքերը:

- Ի վերջոյ կարելի է «Ասպետավայել» (առարկութիւնը Կիլիկեան Ասպետներուն մասին է) նուիրատուութեամբ մը մարել բոլոր պարտքերը: Ապու Տապիի եկեղեցւոյ կառուցման ծախսերով կարելի պիտի ըլլար Էմիրութիւններու հայ գաղութի Ազգային Տուրքերը վճարել յաջորդող 55 տարուան տեւողութեամբ:

Այս բոլոր հաշիւները կրնան ընել թեմականները, բայց ինչո՞ւ պիտի ընեն: Իրենց չի հետաքրքեր թէ որքան մարդ կը մասնակցի ազգային կեանքին: Կարեւորը կանոնագրութիւնը գործադրուի իրենց հասկցած ձեւով եւ տայ իրենց ցանկացած արդիւնքները:

No comments:

Post a Comment