Monday, January 12, 2015

Էմիրութիւններու հայութեան անտեսուած խաւերը



There are several sectors in the UAE Armenian Community that are not properly represented in the upcoming elections. For example, there are no woman candidates in the elections. Aleppo Armenians and Armenians from Armenia itself are not also represented in the elections. Professional Armenians mainly working in Dubai are also ignored. If these signs persist, then there is danger that the existing bodies will not be sufficient enough to cover the needs of all sectors of the community.

Էմիրութիւններու հայ գաղութի ընտրութիւնները ցոյց կու տան թէ կան «անտեսուած» խաւեր:

Քանի մը օր առաջ նշեցինք այն կարեւոր (եւ մտահոգիչ) փաստը, որ կին թեկնածուներ չկան: Այս հանգամանքը արդէն ցոյց կու տայ թէ հասարակութեան կէսը չէ ներկայացուած:

Կան նաեւ երկու կարեւոր խաւեր որոնք չունին թեկնածու ներկայացուցիչներ: Առաջինը Հալէպահայերն են: Ըլլալով գաղութին մէջ ստուար եւ կարեւոր շերտ մը, շատ բնական պիտի ըլլար որ անոնք ունենային գոնէ մէկ թեկնածու: Բայց մեզի անծանօթ պատճառներով, Հալէպահայերու շարքերէն ոչ մէկ անձնաւորութիւն ներկայացած է ընտրութիւններուն, չնայած անոնք ունին զգալի ներկայութիւն համայնքի յանձնախումբերուն եւ տարբեր մարմիններուն մէջ: Հարկաւոր է որ այդ ներկայութիւնը արտացոլուի նաեւ թեմական կազմին մէջ:

Հալէպահայերէն անդին կայ նաեւ այլ կարեւոր խաւ մը, որ լրիւ անտեսուած ու բացակայ է: Հարիւրաւոր Հայաստանցիներ կը բնակին Էմիրութիւններուն մէջ, բայց անոնցմէ ոչ մէկ ներկայացուցիչ կը գործէ մեր մարմիններուն մէջ: Կան հատուկենտ Հայաստանցիներ (մանաւանդ սփիւռքահայու հետ ամուսնացած անհատներ), որոնք ինչ որ կերպ կը հետեւին ազգային գործունէութեան եւ ներկայ կը գտնուին որոշ միջոցառումներու եւ իրենց զաւակները կը ղրկեն վարժարան, բայց հիմնական Հայաստանեան զանգուածը բացակայ է եւ կրնամ վստահօրէն նշել այստեղ որ ոչ մէկ զգալի (կամ նոյնիսկ ձեւական) աշխատանք տարուած է ներգրաւելու համար այդ մասնիկը: 

Անտեսուած այլ խաւեր ալ կան՝ օրինակի համար Տուպայի մէջ գործող մասնագէտ ու  վկայեալ հայերը (որոշ հաշուարկով մը անոնց թիւը հազարը կ'անցնի): 

Վերի բոլոր պարագաները արդարացնելու միտում ունեցող մարդիկ պիտի գտնուին ի հարկէ, բայց երեւոյթները այնքան ցայտուն են, որ դժուար է ծածկել կամ շպարել զանոնք:

Եթէ չլուծուին այս եւ շատ մը այլ հարցեր, թեմական կառոյցը եւ անկէ բխած մարմինները կամաց կամաց պիտի դառնան հատուածային մարմիններ եւ թերեւս այս ձեւով կարիք զգացուի գոյացնելու նոր մարմիններ, որոնք պիտի կարենան ներկայացնել այդ անտեսուած խաւերը: Սոյն անհաճոյ վիճակին հասնելէ առաջ, պէտք է ամէն առիթ օգտագործել որ միասնականութիւնը պահպանուի:

No comments:

Post a Comment